Quantcast
Channel: CIVILNET
Viewing all articles
Browse latest Browse all 17768

Ծայրայեղութիւնը հասկնալու փորձ

$
0
0

Կահիրե, Թահրիրի հրապարակ, 2011թ.:1967-ին արաբները մեծ  պարտութիւն կրեցին Իսրայէլէն:

19-րդ դարի երկրորդ կէսը Ազգային զարթօնքի շրջան հանդիսացաւ Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն, անոնց շարքին նաեւ արաբներուն համար: Իսլամ Ապտիւլ Րահման Քաուաքիպիի, Մուհամմէտ Ապտոյի, Ճէմէլ Էտ Տին Աֆղանիի կողքին կար նաեւ քրիստոնեայ Պութրոս Էլ Պուսթանին: Ազգային զարթօնքէն ետք Արաբները ամբողջ դար մը պայքարեցան ազատագրելու իրենց երկիրները, օսմանցիներէն, ֆրանսացիներէն անգլիացիներէն, իտալացիներէն… Եւ ամէն անգամ իրենք զիրենք նոր կապանքներու մէջ գտան, որոնց շարքին համամարդկայնութեան քարոզիչ խորհրդային իշխանութիւններուն եւ ազատութեան խորհրդանիշ ԱՄՆի կապանքները:

Ժամանակները կը սահէին, այս կամ այն արաբական երկիրը կը տիրանար իր անկախութեան, սակայն տնտեսականապէս, քաղաքականապէս եւ զինուորական դաշինքներով կախեալ կը մնար այս կամ այն գերպետութենէն:

1948-ին արաբները ապրեցան  ԱՂԷՏ մը  զոր կոչեցին ՆԱՔՊԱ-Պաղեստինէն  զգալի մաս մը խլուելով՝ միջազգային ճանաչումով դարձաւ Իսրայէլ: Արաբական զօրքերը փորձեցին դիմադրել, սակայն անոնք չկրցան յաղթութիւն տօնել:

1953-ին եկաւ Ճամալ Ապտ Ալ Նասէրի եգիպտական յեղափոխութիւնը, որ Արաբական միասնականութիւն քարոզելով նորոգեց ազգային շունչը: Ան կոչ ուղղեց վերացնել արաբական երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող աշխարհագրական եւ քաղաքական սահմանները, ունենալ մէկ՝ զիրար ամբողջացնող տնտեսութիւն: Յառաջ եկաւ «Արաբական Նաւթը՝ Արաբներուն» բարձրագոչ կարգախօսը: Արաբները աւազի վրայ բերդեր կառուցեցին: Ապտ Ալ Նասէրը դարձաւ ՝ Արաբական (Պարսկական) ծոցէն մինչեւ Ատլանտեան ովկէանոս տարածուած համայն արաբ երիտասարդութեան կուռքը

Իսրայէլի գոյութիւնը կը խոչընդոտէր Արաբական միութեան իրագործումը. Իսրայէլ բազմած էր արաբական աշխարհի սրտին վրայ: Յառաջ եկաւ անհրաժեշտ լոզունգ մը՝ «Իսրայէլի հրեաները ծով թափել»:

Արաբ-Իսրայէլեան պատերազմը – Արաբները չկրցան հրեաները ծով թափել: Հրեաները տիրեցին արաբական աւելի շատ հողատարածքներու, անոնք տիրեցին ամբողջ Երուաղէմին, որուն մէջն էր նաեւ Քա՛ապայէն ետք Իսլամական երկրորդ Սրբավայր՝ Աքսա մզկիթը: Փուլ եկան աւազի վրայ կառուցուած բերդերը, մնացին արաբ տիրակալներու պալատները, որոնց տէրերը մեղադրուեցան դաւաճանութեան մէջ: 1967-ի պատերազմը ՆԱՔՍԱ էր՝ այսինքն ՆԱՔՊԱ-ի՝ 1948ի ԱՂԷՏ-ի կրկնութիւնը, որ յուսախաբութեան մատնեց արաբ ազգայնական երիտասարդները: Անոնք բոլորովին յուսահատեցան ի տես արաբ ղեկավարներու Իսրայէլի հետ հաշտութեան:

Ըստ արաբ երիտասարդներու համոզումին արաբ ղեկավարները ծախեցին  արաբական հողերը:

Ազգային զարթօնքին հետ գլուխ  բարձրացուցած էին նաեւ ընկերային արդարութեան խնդիրները: Արաբ երիտասարդներուն մօտ հետզհետէ մեծ տարածում գտան ձախակողմեան գաղափարները, որոնք սակայն յետագային փշռուեցան երբ մեծ թիւով ուսանողներ իրենց ուսումը ձրիաբար եւ հեշտօրէն ստացան Խորհրդային Միութեան այլեւայլ երկիրներու մէջ, ուր յայտնաբերեցին կոմունիզմի երկրի սնանկութիւնը: Այս երիտասարդները հեռացան իրենց գաղափարախօսութենէն սակայն անոնցմէ ոմանք դարձան Խորհրդային Միութեան գործակալներ, որոնցմէ մաս մը դարձաւ իշխանութիւն իր երկրին մէջ եւ իր հակաժողովրդավար վարքագծով, սանձարձակ կաշառակերութեամբ,  ատելի դարձուց ընկերվարութիւնը:

Փլուզուեցան ազգային եւ դասակարգային բոլոր կարգախօսները:

Գլուխ բարձրացնել սկսաւ Իսլամականութիւնը, սակայն այդ կապ չունէր այն իսլամին հետ զոր կը դաւանէին արաբ իշխանաւորները, որոնք իրենց պալատներուն մէջ բազմած երկրին հարստութիւնները նուիրած էին Արեւմուտքի իշխաններուն. այս վերջիններն ալ իրենց հերթին արաբներու առաջին թշնամի հրեաներուն բարեկամներն էին: Անոնք դարերով տիրած էին իրենց երկիրներուն ու ԽԱՉԱԿՐԱՑ արշաւանքներու ենթարկած էին ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ սրբավայրերը…

Եկաւ Խումէյնին, Սիւննի արաբները եւ ոչ միայն արաբները, անոր շիիյական յեղափոխութիւնը վտանգաւոր նկատեցին իրենց կրօնքի թելադրանքներուն համար:

Իսլամանալ բառը կը նշանակէ յանձնուիլ Աստուծոյ, իսլամանալ կը նշանակէ նաեւ մարդոց խաղաղօրէն բարեւել, չվնասել անոնց ձեռքով կամ լեզուով:

Իսլամութիւնը միշտ կարեւոր տեղ գրաւած է արաբ ազգին մօտ, Իսլամութիւնը միշտ եղած է նաեւ քաղաքականացած: Յարկ եղած պարագային իսլամութիւնը շահագործելով արաբ իշխանաւորները Ճիհատ՝ Սուրբ պատերազմ յայտարարած են «Իսլամի թշնամիներուն…» դէմ:

Արաբները պարտուած էին ազգային, դասակարգային եւ ընկերային իմաստով. Անոնք սկսան ամբողջ աշխարհը իրենց թշնամի նկատել, իրենք տկար էին եւ հնարաւորութիւն չունէին կռուելու զիրենք ստրկացնող հզօր պետութիւններուն դէմ, առաւել եւս դաւաճան ղեկավարներու պատճառաւ:

Միւս կողմէ արաբական երկիրներու մէջ աշխատող եւրոպացիներն ու ամերիկացիները արաբներէն շատ աւելի կը վարձատրուէին, իսկ արաբները անոնց երկիրներուն մէջ անոնցմէ շատ աւելի քիչ. օտարները հոս կը յարգուէին կը մեծարուէին, տիրոջ պէս կը վարուէին, արաբները հոն երկրորդ   կամ երրորդ դասակարգի մարդիկ էին եւ իրենք զիրենք նուաստացած կը զգային:

Ուժ մը պէտք էր զիրենք այս անելանելի վիճակէն դուրս հանելու եւ իրենց արժանապատուութիւնը վերադարձնելու: Եկաւ Պէն-Լատէնը, ով դաշնակիցներ գտաւ այլ իսլամական երկիրներու մէջ, ի մասնաւորի «անհաւատ» Խորհրդային Միութեան դէմ Ճիհատ յայտարարած Աֆղանիստանի մէջ-: Պէն-Լատէն խօսեցաւ կրօնի անունով: Կրօն մը որ պարտութիւն չգիտէր-: Կրօն մը յանուն որուն զոհուիլը ոչ թէ պարտութիւն էր, այլ գերագոյն յաղթանակ՝ դրախտ տանող ամենակարճ եւ ամէնէն ապահով ճամբան: Մահը ցանկալի դարձաւ եւ այս ցանկալի մահը իսլամ ճիհատիստները դարձուց անպարտելի, դարձուց ամենահզօր երկրի կամ զէնքի դէմ կռուելու ատակ: Այս անպարտելիութեան գաղափարը տարածուեցաւ եւ ամրացաւ Սեպտեմբեր 11-ի անձնասպանական գործողութեամբ, որ աշխարհի բոլոր երկիրներու եւ ժողովուրդներու կողմէ դատապարտուեցաւ: Իրականութեան մէջ ով որ իսլամական երկրի մէջ կը գտնուէր այդ միջոցին սարսափով նկատեց իսլամ հասարակ մարդու, առաւել եւս երիտասարդ մարդու ցնծութիւնը, Սեպտեմբեր 11ի ԻՍԼԱՄ անձնասպան հերոսները յաղթած էին աշխարհի գերհզօր պետութեան, ուրեմն կարելի էր կռուիլ թշնամիին դէմ եւ յաղթել, կռուիլ յանուն Ալլահի որ հզօրագոյնն է՝ ամենամեծը՝ ԱԼԼԱՀՈՒ ԱՔՊԱՐ: Ամենազօրաւօրին եւ անոր մարգարէին զինուորը ըլլալը մեծ ոյժով կ’օժտէ սովորական մահկանացուն, զայն կը դարձնէ անպարտելի-: Իսկ սովորական, տկար հալածուած, դաժան բռնութեան ենթարկուող մարդէ աւելի ի՞նչ կարելի է գտնել իսլամական երկիրներու մէջ: Այս մարդիկը իրենց զաւակները ղրկեցին մզկիթներու կից մատրասաներ (բառացի դպրոց) ուր անգիր կը սորվէին Գուրանը՝ միակ ճշմարիտ գիրքը, ուր կը սորվէին նաեւ միւս բոլոր գիրքերուն կեղծուած ըլլալը, կը սորվէին նաեւ «Բարձրագոյն իմաստութիւնը»՝ զոհուիլ յանուն Աստուծոյ:

Եկաւ «Արաբական Գարուն»ը որ դարձեալ բան չտուաւ սովորական քաղաքացիին, որովհետեւ պարզապէս իշխանաւորները փոխարինուեցան իշխանաւորներով, որոնց մէջ նաեւ իսլամութենէ հեռացած ձեւական իսլամները:

Զաուահիրին՝ Պէն-Լատէնին յաջորդող Ալ Քայիտա ահաբեկչական կազմակերպութեան ղեկավարը, կոչ ուղղեց համայն աշխարհի իսլամներուն երթալ Սուրիա Ճիհատի՝ Սուրբ Պատերազմի-: Սուրիոյ մէջ յեղափոխութեան յաղթանակը կը դանդաղէր որովհետեւ «կրօնքէն հեռացած» ալաուիներուն կ’օգնէին շիի պարսիկները: Մարգարէին հաւատացողները Սուրիա եկան իսլամի պարտեալ երկիրներէն՝ Աֆղանիստանէն, Չէչնիայէն, Փաքիստանէն նաեւ Եւրոպայէն, ուր իսլամները դարձած էին կասկածելի եւ յաճախ ենթակայ էին հալածանքի:

Իսլամանալ կը նշանակէ  վկայել, որ չկան աստուածներ բացի Աստուծմէ, եւ պարտաւորուիլ ապրիլ այս կրօնքին ուսմունքներով եւ հաւատալիքներով:

Իսլամները, մեծ մասամբ, ի տարբերութիւն քրիստոնեայ մեծամասնութեան, անձնուիրաբար կը հաւատան իրենց կրօնքի ուսմունքներուն: Օրինակ անվերապահօրէն կը հաւատան որ մարդկային կեանքը տուողը Աստուածն է եւ երբ ուզէ վերջ կը դնէ անոր: Նկատա՞ծ էք, թէ ինչ արագ կը հաշտուին իսլամները ամէնէն սիրելիին մահուան հետ իսկ: Հապա՞ եթէ մեռնողը Աստուծոյ եւ անոր Մարգարէին սիրոյն զոհուած է…

Աստուծոյ համար մեռնիլը մեծագոյն երջանկութիւն է մուսուլմանին համար,

Աստուծոյ թշնամիները սպաննելը աւելի քիչ երջանկութիւն չի պատճառեր անոր, թէեւ ըստ իսլամի նոյնիսկ մէկ անձ սպաննելը ամբողջ մարդկութիւնը սպաննելուն համազօր է ԵԹԷ ԱՆՕՐԷՆ Է ՈՒ ԱՆԻՐԱՒ…

Անօրէնն ու անիրաւը որոշողները շարիաթի դատաւորներն են:

Անձնասպանական գործողութիւն կատարողը կը հաւատայ որ ինք յանուն Աստուծոյ կը գործէ, նոյնիսկ եթէ անզէն քաղաքացիներ սպաննէ կը հաւատայ իր արարքին արդարութեան՝ եթէ զոհերը անհաւատներ են արժանի են պատիժի, իսկ եթէ անոնց մէջ հաւատացեալ իսլամներ կան, անոնք ալ նահատակներ կը նկատուին, հետեւաբար ինք օգնած կ’ըլլայ զանոնք շուտ դրախտ հասնելու…

Կրօնքէն հեռացող կամ շեղող իսլամը աւելի մեծ թշնամի է քան անհաւատ՝ քաֆէրը (կէաւուրը), ուստի եւ պէտք է խստօրէն պատժուի-: Ինչպէս օրինակ գերի ինկած Յորդանանցի օդաչուն, որ ենթարկուեցաւ վառելով մահապատիժի-: Մահապատիժը արդար է, ընտրուած ձեւերն ու միջոցները կախում ունին մեղքի չափէն կամ իսլամի յաղթանակին նպաստող պատճառներէն-:՝ Վրիժառութիւնն ու վախ ազդելն ալ կրնան մահապատիժի գործադրութեան ձեւերու ազդակներ ըլլալ: Այստեղ կը մնայ շեշտել կարեւոր կէտ մը՝ ըստ ծայրայեղականներուն Աստուած իր թշնամիները պիտի պատժէ չարչարելով՝ միւս կեանքին մէջ, կամ նաեւ հո՛ս՝ այս կեանքին մէջ, իր հաւատացեալներուն միջոցով-: Չարչարանքին չափը եւ ձեւը ինչպէս արդէն պարզ է ուղիղ համեմատական է գործուած յանցանքին համար որոշուած պատիժի չափէն

Խօսքս ծայրայեղ իսլամի մասին է, ո՛չ թէ զայն ղեկավարողներու այլ Ալլահին անքակտելիօրէն կառչած, իրենց կրօնքը կուրօրէն դաւանող սովորական հաւատացեալներու մասին, որոնք յաճախ զրկուած, նուաստացուած, կամ հալածուած մարդիկ եղած են, եւ իրենց իրաւունքներուն տիրանալու միակ ճամբան Աստուծոյ ճամբան է, որուն հետեւողին համար պարտութիւն չկայ, այ ճամբուն վրայ մեռնիլը մեծագոյն պարգեւ-յաղթանակն է:

Եւ այսպիսի հաւատացեալը կը մոռնայ, որ ըստ իրենց կրօնքին միայն Աստուած կրնայ դատել-: Կը մոռնայ նաեւ թէ մուսուլմանը այն է որ մարդկանց չի՛ վնասեր՝ ո՛չ ձեռքով եւ ո՛չ ալ լեզուով:

Մանուէլ Քէշիշեան, Հալէպ


Viewing all articles
Browse latest Browse all 17768

Trending Articles